ԵՐԱԶ ՄԸ ԸԼԼԱՐ
ՊԱԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Երբ տղամարդուն հայեացքը պահ մը սառեցաւ Ինա հրաշաքաղաքի ձիւնածածկ լռութեան վրայ, զարմանքով նկատեց, որ ձիւնի լայնատարած աւանին վրայ յամեցող իր ոտնահետքերը զիրար կը հալածեն եւ ինչ-որ տեղ անհետ կորսուած իր անառակ հոգեղμայրը՝ օտարական անուն երկուորեակը
կարծես կը փնտռեն։ Կ՛առաջանար ծանրաքայլ։ Ճիշդ է, որ ձիւնամրրիկը արդէն խաղաղած էր, սակայն իւրաքանչիւր քայլափոխի նոր ձիւնաթակարդ մը կը յայտնուէր։ Յաճախ մինչեւ ծունկը կը խրէր ձիւնին մէջ, մեծ դժուարութեամբ ինքզինք դուրս կը նետէր սպիտակ ծուղակին փափուկ երա-
խէն, կը փորձէր հաստատուիլ սառցակալած պինդ տարածքի մը վրայ, արծիւի սուր տեսողութեամբ ապահով ուղին ճշդել եւ իր յամրընթաց, բայց անսայթաք ուղեւորութիւնը շարունակել։
Վտանգը շրջանցած էր։ Թիթեռնիկներու փափկաթեւ նազանքով պարող փաթիլները հիմա տարածութիւնը կը շնչաւորէին իրենց քնքոյշ պատրանքով, կը հանգչէին իր ձիւնախառն մազերուն, ուսերն ու տեսողութիւնը կը շոյէին, կ՛երկարէին ապագայի յիշողութեան կաթնասպիտակ հորիզոնին եւ անոր անորոշ մահիճին մէջ մշիկ-մշիկ քնացող գալիքի յուշատետրին նոյնքան անարատ էջերը կը յուզէին։ Ձիւնը
կ՛իջնէր դանդաղ ու երջանիկ, կ՛իջնէր զուարթ ու բարի եւ իր այնքա՜ն սպասած սպիտակ օրերուն գալուստը կ՛աւետէր։ Բայց քաղաքը տակաւին լուռ էր։ Նոյնպէս՝ օտարականը, որ, ո՜վ գիտէ, թերեւս թաղուած էր թանձրակուտակ ձիւնին տակ, հեռաւոր կիրճի մը մէջ, լերան մը լանջին կամ քիչ մը անդին։
Տղամարդը յայնժամ անդրադարձաւ, որ համատարած մեռելութիւնը քնացած է ո՛չ միայն տուներուն եւ աղօթարաններուն սառցապատ շեմերուն, այլեւ՝ տակաւ առ տակաւ թանձրացող իր յիշողութեան աղօտ պատկերներուն մէջ, ուր սպիտակ զօրավարը վաղուց իր իշխանութիւնը հաստատած էր։ Տարօրի-նակ զգացում մը պաշարեց զինք, իր ողջ էութիւնը ողողեց փաթիլներուն հետ անակնկալօրէն սաստկացող հիազարհուր կախարդանքով, որ դարձեալ եղաւ ձիւնամրրիկ ու վիշապաձայն իրարանցում եւ վերադարձի բոլոր ճամբաները կղպեց։
Գայլերը միացան բնութեան տարրերու կաղկանձին։ Վար իջան լեռներէն եւ յարձակեցան անմարդաբնակ տուներուն ու անտէր շիրիմներուն վրայ։ Երկինքը ա՛լ աւելի խոժոռեցաւ, դարձաւ ահռելիօրէն սեւաստուեր մղձաւանջ, սպառնալիք ու պատուհաս, որ լեցուց դաշտ ու ձոր, երկիր ու երկինք եւ աստ
ու անդ սարսափ ու մահ ձիւնեց։ Յետոյ, օրեր անց, երբ բուք ու բորանը կամաց-կամաց սկսաւ նահանջել ու ձիւնին վրայ արեւուն մարմանդ շողերը արթնցան՝ ինչպէս ամօթխած ժպիտը նորահարսերու դէմքերուն, գերերջանիկ ինքզինք հաւաքեց, ձիւնն ու վախը թօթուեց վրայէն, բարի ու արդար արեգակը ողջունեց եւ սկսաւ ինքզինք որոնել։ Որոնեց ինքզինք իրենց դարաւոր սպասումներէն ճեղքըռտուած Ինա քաղաքամայրի տապանաքարերուն կիսընթեռնելի արձանագրութիւններուն եւ հեռու հեռաստաններու հրաւէրները սուլող անծանօթ քամիներու արձագանգներուն մէջ, իր կենաց ծառին մոռացութեան խորշակներէն կոշկոռած արմատներուն խորը եւ յիշողութեան ակօսներուն տառապան-
քը լուսերգող հասկերուն մատղաշ ժպիտներուն մէջ, որոնեց ինքզինք իրենց բոյները կորսնցուցած դժբախտ կռունկներու թեւերուն յուսահատ թափահարումներուն եւ երաշտ օրերուն կորուստները սգացող չոր խոտերուն ճիչերուն մէջ, որոնեց ինքզինք պարիսպին նահատակութիւնը լռած մողէզին սարսափահար աչքերուն խորը եւ պարիսպէն անդին երկարող
կարօտներու ուղեկորոյս բոցալեզուակներուն մէջ, որոնեց ինքզինք դարաւոր սպասումներու գալուստը աւետող աքաղաղի աչքերուն արշալոյսներուն եւ ապագայի յիշողութեան անկատար անցեալ աղբիւրներուն մոգական հայելիներուն մէջ, ամէնուր եւ ամէն ժամ ինքզինք որոնեց, չգտաւ, դարձեալ
որոնեց եւ վերստին հաստատեց, որ ողբերգակատակերգական տրամ մըն է տեսածը, անհեթեթ ու անիմաստ զաւեշտ մը, մինչդեռ իրականը աչքն է, որ տիեզերքի արարումէն ի վեր կը կարդայ երկիմաստ թնճուկը Ադամորդիին գոյութեան, զիրար հերքող եզրակացութիւններուն հաշտեցումը կը կատարէ եւ կը վկայէ ե՛ւ իր տեսածին, ե՛ւ աչքին զօրութեան մասին։
Հաւանաբար այդ իսկ պատճառով, տեսանող տղամարդը անգամ մըն ալ վկայեց ո՛չ թէ իր տեսածին, այլ՝ միմիայն աչքին ամենազօր զօրութեան մասին, որովհետեւ իր գոյութեան առաջին իսկ ակնթարթէն արդէն հաստատած էր, թէ երեւոյթները չեն, որ կ՛իմաստաւորեն գոյութեան ու լինելութեան առեղծուածները, այլ՝ իր տարագիր էութիւնը, որ հակառակ
օտար քամիներու մահացու սպառնալիքներուն, զինք շարունակ կ՛ազատագրէ անցեալին ծանր լուծէն ու կ՛ուսուցանէ իրեն մի՛միայն ինքզինք ըլլալու դասը, այսինքն՝ իր մարդկային տեսակին անկախութեան պարականոն օրինագիրքը հաստատելու գաղտնիքը։
Կրնա՞ր չյիշել։ Իրմէ գերիվեր աներեւոյթ իշխանութիւններու անձնատուր չըլլալու, ներկային հարցական պատնէշներէն քայլ մը անդին անցնելու, իր անկախ գոյութեան զրահանդերձը դարբնելու հրաւէրները հնչած էին միշտ։ Չէր խուսափած։ Միշտ եւ միշտ երկխօսութիւն էր հաստատած, իր յամառ ճիգերը շարունակ վերածած էր խրախ տօնահանդէսի, տօնահանդէսը՝ լինելութեան հարսանիքի եւ գաղտ յուզումներուն հոգեխռով ալիքներով փորձած էր կշռութաւորել կեանք ու երազ, տեսիլ ու նպատակ եւ տիեզերք ու անդրտիեզերք։
Յիշեց։ Յիշեց իր ձայնին անլուր բռնկումները՝ իրենց նրբագոյն մանրամասնութիւններով, դող առ դող եւ շեշտ առ շեշտ յիշեց, քայլերը պողպատեց, աղեղեց անցեալ ու ներկայ, արիւն ու երազ եւ քալեց։ Միայն քալեց, բայց հրաշաքաղաքը գտաւ ու չգտաւ եւ Արեւադրան զօրութեան դիմաց, Աստուա՜ծ իմ, մանուկի մը պէս ինչպէ՜ս դողաց։ Յիշողութիւն դարձած ծնընդավայրն էր, որ դարձեալ իր նոյն քամիները կը փչէր, ծո-
վահայեաց բերդին լապտերները կը վառէր ու կը մարէր եւ մարդակերպ ուրուականները կրկին կը դողդղային։
Միեւնոյն խաղն էր, որ դարձեալ կը կրկնուէր։
Պողոտաները զինք կ՛առաջնորդէին այլ պողոտաներու, փողոցները նոյնքան վտանգաւոր փողոցներու կը բացուէին. նեղ ու մութ թաղերը կանգ կ՛առնէին աւելի մթին ու զարհուրելի գռիհներու ամրափակ դռներուն առջեւ, որոնց ետին իր մանկութեան յուշաբեկորները կը քնանային եւ իր խեղճ
ներկայութիւնը կը յանձնէին իր շուքէն աւելի կպչուն, ոտքերուն պլլուած բաւիղին։
Ա՛լ բռնուած էր եւ անկարելի էր, որ յաջողէր դուրս գալ սա զզուելի բաւիղին թակարդէն։ Փորձեց դիմել ոեւէ պատահական անցորդի, բայց անակնկալի եկաւ, երբ նկատեց, որ ոչ ոք իրմով հետաքրքրուած է։
Անցորդի մը հարցուց։
Նայեցաւ խստաբիբ եւ իր ճամբան շարունակեց։
Նազանքով սահող գեղաժպիտ կնոջմէն օգնութիւն աղերսեց։
Գեղուհին ալ կանգ չառաւ եւ ականջ չտուաւ իր հարցումին։ Նոյնիսկ հպանցիկ հայեացք մը չնետեց եւ սահեցաւ անտարբեր։
Ապաւինեցաւ երազին եւ բիւրերորդ անգամ ըլլալով ինքզինք որոնեց... իր առեղծուած էութեան մէջ։ Ապարդիւն։ Ճիգերը ոչ մէկ արդիւնք տուին եւ դարձեալ մնաց որբ ու մեկուսի՝ իր ճակատագրին լքուած խոպան արտին պէս։
Բայց չտկարացաւ։
Զինուեցաւ ապագային յիշողութեամμ եւ շարունակեց ինքզինք հարցապնդել։ Չյուսահատեցաւ։ Այդպէս կարծեց եւ ձիւնին սպիտակ պատասխանները կտցահարող շփացած ճնճղուկին եւ արեւուն անտարբեր շողին հարցուց։ Յետոյ՝ պարիսպին ու ամպին, արեւուն ու ձիւնհալի կարկաչին, արշալոյսի իր կանչը մոռցած՝ տունէ-տուն ոստոստող աքաղաղին եւ փլատակներուն տակ անհետ կորսուած անանուն մանուկներուն դեռ արձագանգող վերջին ճիչերուն հարցուց եւ իր մտորումներուն թեւերը լայն բացաւ՝ առանց սպասելու իր իսկ հարցումին պատասխանին։ Եւ երբ լռեց ու հրաժարեցաւ նոյնիսկ ինքզինք հարցապնդելէ, յանկարծ զգաց, որ ինք ալ անոնց չափ անարժէք աւելորդ ներկայութիւն մը եղած է։ Ճիշդ կիսաքանդ քաղաքին մեռած բնակիչներուն եւ շիրիմներուն պահապան դալուկ մահիկին պէս։
Յետոյ ահաւոր յոգնութիւն մը զգաց, նստեցաւ ճամբեզրին հանդիպած առաջին քարին եւ քար մըն ալ ինք աւելցաւ՝ երբեմնի շէն ապարանքներուն ու պարզուկ շինութիւններուն կենսուրախ անցեալը հազիւ հազ փսփսացող աւերակներուն վրայ։
Բայց չյանձնուեցաւ։
Հայեացքը սեւեռեց հազար կարօտ ու երազ պլպլացող իր գիսաստղին, պահ մը ինքզինք յուսադրեց, սակայն, ճշմարիտ, ճշմարի՛տ կ՛ըսեմ ձեզի, որ իսկապէս ոչինչ տեսաւ։ Ո՛չ ապագան եւ ոչ ալ անոր յիշողութիւնը։ Բուք ու բորան մութ գիշերին՝ իր ներքին մութերուն վրայ առասպելական կտրիճները
հրաշքին սխրալի արշալոյսը բացին, լեռները դղրդացին իրենց ալիքները փոթորկող լաւային զօրութենէն, շանթերը դարձեալ մահակիրներու ընտիր խումբեր կազմեցին եւ անցան սահմանէն անդին։
Մնաց անշարժ։ Մնաց կառչած հողին՝ թէկուզ իբրեւ անարժէք քարի կտոր մը, որպէս անդամալոյծ խճաքար մը, որ նախանձեցաւ երկինքէն անցնող անհոգ ու զուարթ ծիծեռնակներու երամներուն, ծաղիկէ-ծաղիկ սէր ու հաւատարմութիւն նաշխազարդող մեղուներուն եւ նոյնիսկ զեփիւռին թափանցիկ թեւերուն բոյր ու երանութիւն պարգեւող կարճակեաց թիթեռ-
նիկներուն։
Հրաժեշտ տուաւ իր կասկածամիտ եսին, բայց չհեռացաւ։
Ա՛լ աւելի նոյնացաւ հողին հետ եւ աշխարհ մը ցաւ ու տագնապ քարացաւ, երբ խուճապահար մարդակերպ վոհմակներ տեսաւ աջ ու ձախ, երբ աչքերուն դէմ աստ ու անդ կմախք ուրուականներ հաջեցին, երբ ուրացումներու մառախուղներ խտացան դէպի օտար ափեր երկարող ճամբաներուն վրայ, երբ աւազահողմը բարձրացաւ հեռաւոր անապատին անկենդան արգանդէն, մրրկեց նզովք ու անէծք եւ մահ ու աւեր տեղաց։
Հրաժշետ չտուաւ ո՛չ ոքի։ Մնաց նոյն ծուռ տղամարդը՝ ինչպէս զօրութիւնը քարաստանի ապառաժներուն եւ զայրոյթը բարեգութ շանթերուն, ինչպէս որոտումները ամպացեալ մարտիրոսներուն եւ ռազմերգը հաւատարիմ պարիսպներուն, մնաց ու ցնծաց, հարցադրեց ու պատասխանեց, պատասխանեց ու պատասխանեց եւ յանձնուեցաւ ապագային յիշողութեան
փրկարար զօրութեան։
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Մեքենագրեց՝
ԿԱՆԹԵՂ
Присоединяйтесь к ОК, чтобы подписаться на группу и комментировать публикации.
Нет комментариев