Предыдущая публикация
ԿԱՐՕՏ
Ձմեռ է, երկինքը փոթորկոտ,
Հողը՝ ջրառատ ու կուշտ, ծառերը՝ խոնջած ու ամլոտ։
Ամէն ոք կարօտն ունի գարնան ջերմ արեւին,
Սպասումն է դարձած անձկութիւնը բոլորին,
Կ’ուշանայ գարունը մեր երկնակամարին,
Հոգիներուն ձանձրոյթ է պատած ու շփոթ։
Ձմեռ է, հոգիները՝ անզօր ու ալեկոծ,
Ո՛չ միայն երկնքի բարկութենէն,
Այլեւ ղօղանջող զանգերէն,
Որոտացող հրթիռներէն
Ու տառապանքի կիզումէն։
Կու լայ երկինք, կու լայ երկիրը պարտեալ,
Կ’ողբայ մարդը կեղեքուող, ցաւերու մէջ անկեալ։
Անզօր է աշխարհը,
Յուսաբեկ է բնութիւնը, կատղած,
Մարդը անզօր, ընկճուած,
Անձկութիւնն է հոգիները պատած,
Կարօտը երկնքի ու երկրի խաղաղութեան։
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
2022
Присоединяйтесь к ОК, чтобы подписаться на группу и комментировать публикации.
Нет комментариев