ԵԹԷ
Եթէ հաւատքով փրկուած,
Եթէ շնորհքով արդարացած,
Եթէ Քրիստոսով մաքրուած,
Եթէ Քրիստոսով սրբագործուած,
Ուրեմն վերստին ծնած,
Ուրեմն Սուրբ Հոգիով լեցուած,
Ուրեմն Սուրբ Հոգիին վստահած,
Ուրեմն Սուրբ հոգիով ամրապնդուած,
Ուրեմն Սուրբ Հոգիէն հրահրուած,
Ուրեմն Սուրբ հոգիէն առաջնորդուած,
Ուրեմն Սուրբ Հոգիէն սորված,
Ուստի Սուրբ Հոգիին յենած,
Ուստի Սուրբ Հոգիին ենթարկուած,
Ուստի Սուրբ Հոգիին հնազանդած:
Հետեւաբար պտղաբերած,
Հետեւաբար համակ Սէր դարձած,
Հետեւաբար նուիրուած,
Հետեւաբար զոհուած,
Հետեւաբար ողորմած,
Հետեւաբար բարեգործած,
Հետեւաբար տկարին օգնած,
Հետեւաբար անօթին կերակրած,
Հետեւաբար ծարաւցածը յագեցուցած ,
Հետեւաբար հիւանդը խնամած,
Հետեւաբար անկարը գրկած,
Հետեւաբար կոյրը առաջնորդած:
Որպէսզի ապրիս Յիսուսը,
Որպէսզի վայելես ներկայութիւնն իր հրաշալի,
Որպէսզի հասունանաս հաւատքիդ մէջ,
Որպէսզի ուղղուիս դէպի արքայութիւն,
Որպէսզի լսես դուն Յիսուսի խօսքը ուղղուած քեզի.
«Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ,
Դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար,
Քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ.
Մտի՛ր քու տիրո'ջդ ուրախութեանը մէջ':» Մատթէոս 25:23
ԾՈՎԻՆԱՐ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ – ՂԱԶԱՐԵԱՆ
06. 11. 2024
Присоединяйтесь к ОК, чтобы подписаться на группу и комментировать публикации.
Нет комментариев