ԹՐՔՈՒՀԻՆ
Երեկոյ է. բոցավառ է հորիզոն.
Կառք մը կʼանցնի դագաղի պէս յամրընթաց,
Գեղուհի մը ընկողմանած տրոփէ հոն,
Վերջալոյսի աղջի՞կ մʼէ սա, ո՛վ Աստուած.
Եթէ նայի՛,
Կʼըսես – հի՛մայ կը մարի։
Մեղրամոմէ անդրիանդի մʼէ հանգոյն.
Ի՜նչ դալկահար... կարծես հաջաղը վառէ
Պատան մʼէ նուրբ ներա վարդիցը տժգոյն.
Աստուած ըզնէ զոյգ մʼաչերովն կը վառէ.
Եթէ ժպտի՛,
Կʼըսես – ո՜հ, հի՛մայ կʼանցնի։
Նայիլ կʼուզէ, բայց ա՛ւելի կը նըւաղի,
Սիրտը խունկի պէս կը մըխա՜յ սիրավառ,
Նէ շողերու բոյրերու է թագուհի,
Խոնջ թիթեռնիկ մʼոր կը խնդրէ ծաղկէ թառ.
Եթէ շարժի՛,
Կʼըսես – հի՛մայ կը թռչի։
Լանջն է յուզեալ Ովկէանի մը նըման.
Կʼուզէ սիրե՜լ... համբոյրի մʼհետ նըւաղիլ,
Մաշիլ, խամրիլ, խոնջած ընկնիլ գերեզման,
Քամել սիրոյ կրակէ բաժկին հուսկ կաթիլ.
Եթէ շիկնի՛,
Կʼըսես – հի՛մայ կը բռընկի։
Սրտի մեղո՜ւ, ինչպէս կոչեց Լամարթին՝
Որուն ծըծած ծաղիկը՝ սիրտ, մեղրն է սէր,
Ես կոչեմ զնէ կո՛յս՝ որուն սիրտն է երկին
Ահուն սիրոյ որ հորիզոն չունի դեռ.
Եթէ խօսի՛,
Կʼըսես – հի՛մայ կը հատնի։
Նէ կը վառի, մի՜շտ կը վառի, չը հատնիր
Տընանկ կընոջ տաճարն վառած ճրագին պէս,
Աստղերու նման գիշեր սիրէ՝ փողփողի՜լ.
Կրակ մʼէ փրթած կողէն սիրոյ բոցագէս...
Թէ իսկ մեռնի՛,
Կʼըսես – հի՛մայ կը ծընի։
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ
1871
Մեքենագրեց՝
Ա. ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
12. 10. 2024
Присоединяйтесь к ОК, чтобы подписаться на группу и комментировать публикации.
Нет комментариев