ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԸ
Չարաճճի, անզուսպ ու անսանձելի տղայ մըն էր Քրիստափորը, որուն ծանօթացած էի, երբ Հայկազեան վարժարանի երկրորդ դասարանի աշակերտակից էի իրեն,1943-44 տարիներուն։ Թէեւ ուսուցիչներն ու դպրոցի ընդհանուր հսկիչը օձիք կը թօթուէին, երբ արտասանուէր իր անունը, սակայն իր որբ ըլլալու հանգամանքը որոշ չափով կը բարեխառնէր իրեն նկատմամբ շատերու կողմէ ունեցած նողկանքի զգացումը։ Ընտանեկան կրթութեան բացարձակ անգոյութիւնը զգալի էր իր ամէնօրեայ վարուելակերպինմէջ։ Դասի ընթացքին, անմիջական կերպով լուացարան երթալու պահանջք պատրուակելով, ան դուրս կու գար դասարանէն ու պատերէն մագլցելով կը բարձրանար դպրոցին տանիքներուն վրայ, կը վազվզէր աջ ու ձախ, ու երբեմն վտանգաւոր նախաձեռնութիւններով պատճառ կը դառնար դպրոցի հսկիչին անմիջական միջամտութեան, կանխելու համար հաւանական արկածները։
Քանիցս արդէն ան ինկած ու ճակատը վիրաւորած էր, եւ տնօրէնութիւնը զինք ղրկած էր դպրոցի բժիշկին՝ դարմանատուն:
Որքան որ կը յիշեմ, Քրիստափոր որոշ ժամանակաշրջան մը պատսպարան մնաց, մինչեւ որ բարի սամարացի մը ընդունեց իր խնամքին տակ առնել զինք։
Իրեն համար հաճոյք էր ուսուցիչներուն գլխունխաղեր կազմակերպել։ Երեկոյ մը, երբ շուկայ գնումի համար հօրս ընկերակցած էի, այդ միջոցին նշանաւոր նպարավաճառ Թորոսին խանութին առջեւ հանդիպեցայ Քրիստափորին։ Ան իր մօտ կանչեց զիս, հպարտօրէն ցոյց տուաւ տուփ մը, որուն մէջ յաջողած էր բռնել եւ բանտարկել 2 մուկեր։ Հարցումիս, թէ ինչի՞ պիտի ծառայեն այդ մուկերը, «Վաղը կը տեսնես», ըսաւ։ Յաջորդ օր, երբ դաստիարակ ուսուցիչը վեր կը վերցնէ իր գրասեղանին կափարիչը՝ ներկայ-բացակայի տետրակը առնելու համար, 2 մուկեր դուրս կը ցատկեն դարակէն, սարսուռ ու պժգանք առթելով ուսուցիչին, եւ մեծ ուրախութիւն՝ աշակերտներուն։
Չարաճճի էր, սակայն չար չէր, ու պէտք եղած պարագային՝ անձնազոհ եւ օգնող։
Օր մը, ուսուցիչներէն մին անկարգութեան պատճառաւ կ՛ապտակէ աշակերտ մը, որ հեկեկալով կը սպառնայուսուցչին, ըսելով, թէ իր հայրը ոստիկան է եւ դպրոց պիտի գայ լաւ դաս մը տալու իրեն։
Քանի մը օր ետք, զբօսանքի պահուն, ոստիկան մը կը մտնէ բակ ու կը պահանջէ հանդիպիլ Մինաս կոչեցեալ ուսուցիչին։ Աշակերտներուն ցուցմունքին վրայ, ան Կ՛ուղղուի դէպի ուսուցիչը եւ ապտակելէ ետք զայն, կը սպառնայ զինք ոտքին տակ առնել, եթէ ուրիշ անգամհամարձակի ապտակել իր տղան։ Քրիստափոր, կատղած գազանի նման, կը փորձէ յարձակիլ ոստիկանին վրայ, եւ հազիւ ընդհանուր հսկիչն ու աշակերտները կը յաջողին զինք զսպել։ Ոստիկան կամ որեւէ անհատ իրաւունք չուն էր ուսուցչին վրայ ձեռք բարձրացնելու. ուսուցիչ չարչարելու եւ անոնց գլխուն խաղեր կազմակերպելու մենաշնորհը իրեն միայն վերապահած էր։
Ինչ-ինչ պատճառներով ան հեռացաւ դպրոցէն, եւ ես օր մը անակնկալօրէն իրեն հանդիպեցայ մեր թաղը, երբ կուսակցութեան նոր լոյս տեսած «Արեւելք» օրաթերթի առաջին թիւերը անութին տակ զետեղած, կը շրջէր՝ ծախելու համար զանոնք։ Ականջիս մէջ կը զնգայ տակաւինիրեն հնչեղ ձայնը. պոռալով եւ գլուխը աջ ու ձախ դարձնելով կը կրկնէր. «Արեւե՜լք», նոր թերթ, նոր լուրեր, «Արեւե՜լք»...։ Շատ անգամ զինք տեսած եմ ակումբին մէջ, սակայն օր մը հոնկէ ալ անհետացաւ։
Այդ տարիներուն տարօնցի կուսակցականներ տարակարծիք ըլլալով Հալէպի կուսակցութեան գերագոյն մարմնին հետ, յատկապէս չմարսելով գաղութի վերին մարմիններու մէջ այնթապցիներուն տիրական ներկայութիւնը եւ մանաւանդ իրենց ակնոցով դիտուած մենատիրական ընթացքը, կուսակցութենէն հեռացան եւ ուրիշ հայահոծ շրջանի մը մէջ, բակով տուն մը վարձելով, հիմնեցին իրենց սեփական ակումբը։ Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ Հալէպի մէջ Այնթապէն եկած հայերը մեծամասնութիւն կը կազմէին, անոնք ունէին իրենց եկեղեցին ու դպրոցը, եւ արդար կը նկատէին գաղութի զանազան կազմակերպութիւններու մէջ տիրական դիրքեր ունենալը։
Օր մը, երբ տարօնցիներուն ակումբին առջեւէն անցնելով տուն կը վերադառնայի, տեսայ Քրիստափորը ակումբին դրան մուտքին կայնած՝ ձեռքը տրցակ մը «Ազդակ» օրաթերթեր բռնած՝ կը փորձէր ծախել ակումբ այցելողներուն եւ անցորդներուն։ Իր նկարագրին մաս կը կազմէր հոսանքն ի վեր թիավարելը։ «Արեւելքը ինծի համար այլեւս վերջացած է», ըսաւ, եւ թեւէս բռնելով զիս առաջնորդեց ակումբին ընթերցասրահը, ցոյց տալու համար սեղանին վրայ տարտղնուած թերթերը՝ «Յուսաբեր», «Ազդակ», «Ալիք», «Հայրենիք», եւ այլն, եւ ըսաւ. »Կարգ մը անձեր զիս համայնավար կը կարծեն, բայց անոնք բացարձակապէս կը սխալին. իմ անունս Քրիստափոր Մուրատեան է, ես անմահն Քրիստափորի եւ Քաջն Մուրատի խառնուրդն եմ, չեմ կրնար համայնավար ըլլալ»։
Երբ Պէյրութ փոխադրուած էի, օր մը Պուրճի հրապարակին վրայ հանդիպեցայ դասընկերոջ մը, որ ինծի հաղորդեց Քրիստափորին մահուան լուրը։
«Պարզ, համեստ դագաղին ետեւէն, միայն երկու հոգի կը քալէր»
, ըսաւ ան, «ես եւ անծանօթ մը»։
Մահուան պատճառը յստակ չէր, սակայն իրեն մօտիկ անձէ մը տեղեկացայ, թէ ան փորին աջ կողմը հսկայ աղեթափութիւն մը ունէր եւ մահէն առաջ իր ունեցած որովայնային սուր ցաւերը ենթադրել կու տան, որ մահը հաւանաբար զարգացած եւ չափազանցօրէն մեծցած աղեթափութեան արդիւնք ըլլալու էր։
Դրամ չունէր բժիշկ տեսնելու։
Որբ ու անտէր մեծցաւ Քրիստափոր եւ որբ ու անտէրմահացաւ՝ 23 տարեկան հասակին։
ԲԺԻՇԿ ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
«Յուշեր եւ Ապրումներ Երազային Հալէպէն»
Մեքենագրեց՝
ԱԲՐԱՀԱՄ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
14. 09. 2023
Присоединяйтесь к ОК, чтобы подписаться на группу и комментировать публикации.
Нет комментариев